Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու <<Ընտանիքը` աշխատանքը եւ տօնը>> Վաւերաթուղթը։
Երեքշաբթի 24 մայիսին ժամը 11.30 վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ
ասուլիս ներկայացնելու <<Ընտանիքը` աշխատանքը եւ տօնը>> խորագրով` ընտանիքի համաշխարհային
օրուայ առթիւ հրատարակուած նախապատրաստական վաւերաթուղթը։ Նշենք թէ ընտանիքի համաշխարհային
օրը պիտի նշուի Միլանոյի մէջ 2012ին մայիս 30էն - յունիս 3 ։ Վաւերաթուղթի ներկայացման
ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Էննիօ
Անթոնէլլին` Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Տիոնիճի Թեթթամացցին եւ Միլանոյի տեղապահ
եպիսկոպոս գերապայծառ ֆրանքօ Ճիուլիօ Պրամպիլլան։